2014-02-22 08:32:35

Ձմեռնային Համահայկական առաջին խաղերը` Փետրուար 24-էն Մարտ


Երեւանի եւ Ծաղկաձորի մէջ Փետրուար 24-էն Մարտ 2 տեղի պիտի ունենան ձմեռնային համահայկական առաջին խաղերը, կը հաղորդէ քաղաքապետարանի մամուլի ծառայութիւնը:

Խաղերը տեղի կ’ունենան չորս մարզաձեւերու մէջ` լեռնադահուկոյկ, դահուկավազք, տափողակով հոքէյ եւ սնոուպորտ: Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի գլխաւորութեամբ քաղաքապետարանին մէջ ձեւաւորուած է կազմկոմիտէ, որուն աշխատանքի արդիւնքով մայրաքաղաքը ներկայացնող խումբերուն համար ստեղծուած են մարզուելու ու հմտութիւնները կատարելագործելու բոլոր պայմանները, ձեռք բերուած է նաեւ մայրաքաղաքը ներկայացնող մարզիկ-մարզուհիներու մասնագիտական եւ շքերթային հանդերձները:

Նախնական տուեալներով` ձմեռնային 1-ին համահայկական խաղերուն մասնակցելու համար Հայաստան պիտի ժամանեն հայաբնակ 17 քաղաքներու մարզական պատուիրակութիւններ: Համահայկական խաղերը ինչպէս մարզական, այնպէս ալ Հայաստան-Սփիւռք կապերը աւելի ամրապնդելու նպատակ կը հետապնդեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.